2011-05-27 12:33:25

Կոչ `ֆրանսայի Տովիլ Քաղաքէն՝ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Իշխանութիւններուն։


Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահները, ֆրանսական Տովիլ քաղաքին մէջ գումարուած «Առաւել Ճարտար-արուեստականացած Ութնեակի» վեհաժողովին ծիրին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելով` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կոչ ուղղած են` իրենց երկիրներու հասարակութիւնները պատրաստելու խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի, ինչպէս նաեւ յունիսին տեղի ունենալիք հանդիպումին ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութեան աշխատանքները աւարտելու:
«Երբ համաձայնութիւն գոյանայ, մենք պատրաստ ենք մեր միջազգային գործընկերներուն հետ ընդունելու այդ սկզբունքները, աջակցելու խաղաղ համաձայնագիրի մշակման եւ գործադրութեան», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.